2016-02-11 09:43:00

Լրագրողներու Հ. Հ. Հ. Խորհուրդի նիստը` Սփիւռքի նախարարութեան նոր մասնաշէնքին մէջ։


10 փետրուարին Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան նոր մասնաշէնքին մէջ տեղի ունեցաւ Լրագրողներու  համահայկական համաժողովները համակարգող խորհուրդի նիստը, որուն կը մասնակցէր Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան:

Նիստը կը վարէր համակարգող խորհուրդի նախագահ, «Ազդակ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեան: Օրակարգի վրայ էին Լրագրողներու 8-րդ համաժողովի խորագիրի որոշումին, կազմակերպման վայրի, թուականի, զեկուցումներու նիւթերը, ինչպէս նաեւ 2016-ին «Սփիւռք ամառնային դպրոց»-ի լրագրողներու վերապատրաստման դասընթացքի կազմակերպման եւ ծրագիրին հետ կապուած հարցերը:

Նիստին հեռակապով կը մասնակցէին Լիբանանի «Խօսնակ» ամսագիրի գլխաւոր խմբագիր Համբիկ Մարտիրոսեան, «Զարթօնք» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Սեւակ Յակոբեան, Չեխիոյ «Օրեր» ամսագիրի գլխաւոր խմբագիր Յակոբ Ասատրեան, Միացեալ Նահանգներէն  լրագրող, հրապարակախօս Յակոբ Վարդիվառեան եւ Արցախի Լրագրողներու միութեան նախագահ Կիմ Գաբրիէլեան:

Ողջունելով նիստի բոլոր մասնակիցները` Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարը ուրախութեամբ նշեց, որ համահայկական 8-րդ համաժողովը նուիրուած է Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան 25-ամեայ յոբելեաններուն: «8-րդ համաժողովին համար լաւագոյնը կարելի է նկատել «Հայոց պետականութիւնը մեր միասնութեան առանցքն է» խորագիրը», նշեց Հրանուշ Յակոբեան` առաջարկելով համաժողովը կազմակերպել 21-էն 24 հոկտեմբերին` Երեւանի եւ Ստեփանակերտի մէջ:

Շնորհաւորելով նախարարը եւ նախարարութեան ամբողջ անձնակազմը` նոր եւ յարմարաւէտ մասնաշէնք տեղափոխուելու առիթով` Շահան Գանտահարեան մաղթեց արգասաբեր աշխատանք: Համակարգող խորհուրդի նիստին նախագահը նշեց, որ համամիտ է Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարին հետ` համաժողովի խորագիրին, կազմակերպման թուականին եւ վայրերուն վերաբերեալ: «Մենք պէտք է ժամանակին եւ հետեւողականօրէն գումարենք համակարգող մարմինի նիստերը` համաժողովի աշխատանքները յաւուր պատշաճի կազմակերպելու նպատակով», նշեց Գանտահարեան:

Հայաստանի Լրագրողներու միութեան նախագահ Աստղիկ Գէորգեան եւ Երեւանի պետական համալսարանի լրագրութեան բաժանմունքի վարիչ Նաղաշ Մարտիրոսեան նշեցին, որ իրենց կառոյցները նոյնպէս բոլոր ջանքերը պիտի ներդնեն համաժողովը պատշաճ կերպով կազմակերպելու համար:

Հեռակապով նիստին մասնակից խմբագիրները նոյնպէս ողջունեցին համաժողովի կազմակերպման վերաբերեալ Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարին առաջարկները եւ վստահեցուցին, որ իրենց լրատուամիջոցներուն մէջ ընթերցողներուն պարբերաբար իրազեկ պիտի դարձնեն համաժողովին մասին:

2016-ի «Սփիւռք ամառնային դպրոց»-ի լրագրողներու վերապատրաստման դասընթացքներուն մասին խօսեցաւ դպրոցի նոր նշանակուած ղեկավար, Երեւանի պետական համալսարանի Հայագիտական հետազօտութիւններու հիմնարկի  փոխտնօրէն  Մհեր Յովհաննիսեան: Իր խօսքին մէջ Մհեր Յովհաննիսեան անդրադարձաւ հիմնականին մէջ Լրագրողներու վերապատրաստման դասընթացքներուն: Խօսելով նախապատրաստական աշխատանքներուն մասին` վերջինս նշեց, որ այս տարի շեշտը առաւելապէս պիտի դրուի  գործնական աշխատանքներուն վրայ: «Ստեղծուած է եւ կը գործէ «Սփիւռք ամառնային դպրոց»-ի կայքը` dss.am, ուր կարելի է ամբողջական տեղեկութիւն ստանալ դպրոցի բոլոր 6 դասընթացքներուն  մասին», ըսաւ Յովհաննիսեան:

Եզրափակելով նիստը` Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան յոյս յայտնեց, որ սփիւռքի լրատուամիջոցները աջակցին Լրագրողներու դասընթացքի մասնակիցներու թիւը բարձրացնելու եւ աշխարհագրութիւնը ընդլայնելու ուղղութեամբ` մշտապէս իրենց կայքերուն մէջ «Սփիւռք ամառնային դպրոց»-ին մասին տեղեկութիւն տեղադրելով:








All the contents on this site are copyrighted ©.